Մեր Առաքելութիւնը հիմնուած է Հաւատքի, Յոյսի և Սիրոյ վրայ
Այսօր կ'այցելենք Հայ Համայնքի Բարեկեցութեան Կեդրոն, որ հիմնուած է Սիտնիի մէջ 1982 թուականին։ Կեդրոնը ծառայութիւններ կ'առաջարկէ թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ ընդհանուր Աւստրալիոյ հասարակութեան։ Ան կ'աջակցի տարեցներուն եւ իրենց ընտանիքներուն զանազան ծրագիրներով։ Զեփիւռ Մուրատեան՝ կեդրոնի տնօրէնուհին, կը խօսի կեդրոնի պատմութեան, ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք օգտակար են համայնքի անդամներուն։